Բավ է պառակտվել
12-11-2016 11:27

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Վատիկանում հանդիպել է Հռոմի Պապին

Մեծի Տանն Կիլիկո կաթողիկոսարանից տեղեկացնում են, որ Վատիկանում հանդիպել են Արամ Ա. Կաթողիկոսը և Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապը:

Ներկայացնում ենք կաթողիկոսարանի հաղորդագրությունն ամբողջությամբ. «Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան Պապին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, հրապարակային երկու ելոյթներու ընթացքին՝ Վատիկանի ու Երեւանի մէջ, յիշած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ եկեղեցին քաջութիւնը պէտք է ունենայ ճշմարտութեան պաշտպանն ու ջատագովը դառնալու։ Ֆրանսիս Պապը վերստին շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս յիշեց Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը։

Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ըսաւ թէ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ պատմութիւնը եղած է նահատակութեան պատմութիւն. սակայն եկեղեցին, կենդանի թէ արեան նահատակութեամբ, մնացած է կանգուն՝ հաւատարիմ իր աստուածատուր առաքելութեան. այսօր եւս, եկեղեցին Միջին Արեւելքէն ներս կը մնայ յանձնառու իր կոչումին, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Վատիկանի մօտեցումը, որ մէկ կողմէ հիմնուած է քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, իսկ միւս կողմէ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութեան ու գործակցութեան վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին ընդգծեց ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ յիշելով շուրջ շաբաթ մը առաջ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարը, աւելցնելով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու պահպանման եւ անոնց վկայութեան հզօրացման անհրաժեշտութիւնը ու այդ ուղղութեամբ Վատիկանի զօրակցութիւնը։

Խօսելով եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան մասին, Ֆրանսիս Պապը բաժնեց Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը, թէ յիշեալ հանդիպումներու օրակարգին մաս պէտք է կազմեն նաեւ ներկայ ընկերութիւնը յուզող ընկերաբարոյական խնդիրները։

Եկեղեցիներու միջեւ միութեան ամրապնդման հրամայականին անդրադառնալով, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց Սրբազան Քահանայապետին Զատկուան տօնին միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը, որպէս շօշափելի արտայայտութիւն քրիստոնէական միութեան եւ այս ուղղութեամբ անցեալին իր կատարած աշխատանքը, որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին։

Ֆրանսիս Պապը ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին գաղափարը, յայտնեց թէ՝ վերջին տասնամեակներու ընթացքին Կաթոլիկ եկեղեցին բազմիցս շեշտած է նոյն գաղափարը եւ այսօր եւս համաձայն է Զատկուան տօնի միացեալ թուականի մը ճշդումին։

Այս առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանը ունեցաւ իր նորընտիր նախագահը։ Ֆրանսիս Պապը ուրախութեամբ ողջունեց Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ շեշտեց Լիբանանէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխ գոյակցութեան ու սերտ գործակցութեան հրամայականը։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց վերջերս հրատարակուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քաթալոկը՝ “The Armenian Catholicosate of Cilicia – History, Treasures, Mission”։ Ֆրանսիս Պապը իր կարգին յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին»։